
Բաղէշի Ատիլճեւազ գաւառին մէջ գտնուող Արարատեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանի 2700-ամեայ Քէֆ ամրոցի հնագիտական պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած են խոհանոց եւ սպասարկման սրահներ։
Քէֆ ամրոցին մէջ 50 տարի առաջ սկսած պեղումները ընդհատուած էին եւ վերսկսած են անցեալ տարի: Ուրարտուի Ռուսա Բ. թագաւորին կողմէ կառուցուած ամրոցը տեղակայուած է Սիփան լերան ստորոտը՝ Վանա լիճին նայող բլուրին վրայ։
Պեղումները կ’իրականացուին Վանի Հարիւրամեայ համալսարանի հնէաբանութեան ճիւղի դասախօս, դոկտոր Իսմայիլ Ճոշքունի գիտական խորհրդատւութեան ներքոյ։
Պեղումներու ընթացքին «փիղի ոտքեր» կոչուող սիւներուն վրայ յայտնաբերուած է «ուրարտական կապոյտ» ներկը, իսկ ամրոցի արեւմտեան հատուածին մէջ ի յայտ եկած են խոհանոցն ու սպասարկման սրահները։
Ամփոփելով մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքը, Ճոշքուն այսպէս ըսած է.«Մենք
յայտնաբերած ենք նաեւ քարերով կառուցուած շինութեան 70-80սմ բարձրութեամբ պատեր, որ կը թուագրենք Ն.Ք. 2700 թուականին։ Կառոյցի ներսը յայտնաբերուածը ամենայն հաւանականութեամբ խոհանոց եղած է։ Կը կարծենք, որ ամրոցին մէջ առկայ է աւելի քան 100 սենեակ»։