
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով յատուկ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սեպտեմբերի 8-ին այցելեց Հայերու Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ ԱԳՆ Ամերիկեան երկիրներու վարչութեան պետ Արմէն Եգանեանի եւ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսիի ուղեկցութեամբ:
Հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը ներկայացուց Հայերու Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան: Ան հիւրերուն ներկայացուց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին տեղադրուած երեք խաչքարերու պատմութիւնը, որոնք նուիրուած են անցեալ դարավերջը Ատրպէյճանի տարածքին հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումներու ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակին:
Պարոն Ֆիլիփ Ռիքըր ծաղկեպսակ դրաւ Հայերու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, որմէ ետք ԱՄՆ-էն ժամանած պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:
Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ այս քայլը, նշելով, որ ԱՄՆ այն երկիրներէն մէկն է, որ թրքական ճնշումներէն անկախ՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը։