ՀՀ Շրջակայ միջավայի նախարարութիւնը փաստահաւաք աշխատանքներէ ետք նախարար Յակոբ Սիմիտեան համապատասխան գրութեամբ դիմած է դիւանագիտական ջոկատի ներկայացուցիչներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ գործընկերներուն՝ եւս մէկ անգամ անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելու ՀՀ տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով բնապահպանական աղէտներու առաջացման իրական վտանգին վրայ։ Այս լուրը կը յայտնէ ՀՀ Շրջակայ միջավայի նախարարութիւնը:

«Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով առաջացած հրդեհները մեծ վնաս հասցուցած են Վայոց ձոր մարզի «Ջերմուկ» անտառային տնտեսութեան։ Տուեալ տարածքին մէջ անտառային հրդեհները զգալի վնաս հասցուցած են 10 հա անտառածածկ տարածքի կենսաբազմազանութեան, ներառեալ տեղայատուկ բուսական եւ կենդանական աշխարհին՝ յանգեցնելով հողերու վատթարացման: Այս տարածքներուն մէջ աճող բոյսերը  եւ ապրող կենդանիները (հայկական մուֆլօ, պեզոարեան այծ, գորշ արջ եւ այլն) գրանցուած են Կարմիր գիրքին մէջ»,- ըսուած է գրութեան մէջ: 

Գեղարքունիք, Սիւնիք եւ Վայոց ձոր մարզերու Ատրպէյճանի թիրախաւորած տարածքներուն մէջ կան բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներ: Անոնք ինչպէս ՀՀ կարմիր գիրքին, այնպեէս ալ Բնապահպանական միջազգային միութեան (IUCN) վտանգուած տեսակներու Կարմիր ցուցակին մէջ ներառուած բոյսերու եւ կենդանիներու ապրելավայրն են, կարեւոր միջանցք են այդ տեսակներու գաղթին համար։

Արեւմտեան Հայաստանը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը, որ յանգեցուց մարդկային կորուստներու, այնպէս ալ բնապահպանական մեծ աղէտի։ Մենք անընդունելի կը համարենք թշնամիին կողմէ մարդու իրաւունքներու  այս կոպտագոյն խախտումները, որոնք ողողուած են ռազմական  շարք մը յանցագործութիւններով։