
«Մեծամօր» հնավայրի տարածքին 2022թ. Սեպտեմբերին մեկնարկած պեղաշրջանի ընթացքին հայ-լեհական արշաւախումբը յայտնաբերած է բացառիկ գտածոներ: ՀՀ Կրթութեան, Գիտութեան Մշակոյթի եւ Մարմնակրթութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ hնագիտական աշխատանքներն իրականացուած են երկու տեղամասերու մէջ՝ միջնաբերդէն արեւելք տեղակայուած քաղաքային թաղամասին եւ դամբարանադաշտի հատուածին մէջ:
Աշխատանքներու արդիւնքով ի յայտ եկած են անխաթար վիճակով պահպանուած դամբարան, ուր գտնուած են տարբեր տարիքի մարդոց կմախքներ։ Յուղարկաւորուելէ առաջ այս մարդիկ զարդարուած եղած են ոսկիէ, սարդիոնէ, սաթէ, անագէ պատրաստուած տարատեսակ ուլունքահատիկներով ու զարդերով։ Անհատներու հետ նոյն մակարդակի վրայ բացուած են 10 ամբողջական խեցանօթներ, ստորին շերտին վրայ բացուած են եւս 8 ամբողջական անօթներ, որոնցմէ բացառիկ է կապտականաչաւուն ջնարակապատ փոքրիկ սրուակը։
Հնագիտական նիւթերու նախնական ուսումնասիրութիւնը թոյլ կու տայ դամբարանը թուագրել Ն. Ք. երկրորդ հազարամեակի վերջին քառորդով։