
Արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր սկսած Վաչիան գիւղէն մինչեւ Կարծախի մաքսային անցակէտ բեռնատարներու երկար շարասիւնը չի վերջանար: Մարդիկ չեն կրնար գիւղատնտեսական տեխնիկան դաշտ տանիլ:
Ջաւախքի մէջ գետնախնձորի բերքահաւաքի շրջանն է: Ախալքալաքի Վաչիան գիւղէն մինչեւ Կարծախի սահմանային անցակէտ տանող ճանապարհին շուրջ 10 գիւղ կայ: Այդ գիւղերու բնակիչները կը բողոքեն, որ բեռնատարներու շարասիւնը կը խոչընդոտէ գիւղատնտեսական տեխնիկայի անարգել տեղաշարժը, այդպիսով աւելի բարդացնելով իրենց դժուարին աշխատանքը:
Ախալքալաք-Կարծախ ճանապարհին կուտակուած բեռնատարները գլխաւորաբար Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Ղազախիստանի, Իրանի եւ այլ երկիրներու կը պատկանին: Գիւղացիները կը բողոքեն, որ վարորդները կ’աղտոտեն շրջակայ միջավայրը։