Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկա նահանգի Իլիչ գաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Անակոլտ»  ոսկիի արդիւնահանութեան ընկերութեան աշխատանքները դադրեցուած էին 3 ամիս առաջ՝ պոչամբարէն արտահոսող խաժիդին պատճառով։ Ըստ մասնագէտներու եզրակացութեան, այդ թունաւոր նիւթը կը խառնուէր Եփրատ գետին՝ առաջ բերելով բնապահպանական վնասներ։ Ոսկիի հանքի աշխատանքը  դադրեցուած էր հանրութեան հիմնաւոր բողոքներուն հիման վրայ։ 

Սակայն, 3 ամիս անց հանքի աշխատանքները վերագործարկուած են։   Ընկերութեան ղեկավարութիւնը ստացած է համապատասխան նախարարութիւններու եւ պետական ​​կառոյցներու կողմէ սահմանուած  պաշտօնական ցուցումներ, որոնց համաձայն ձեռնամուխ  եղած է  անհրաժեշտ բարելաւման  աշխատանքներուն եւ իրաւունք ստացած Սեպտեմբերի 23-էն վերսկսելու աշխատանքը։ Կազմակերպութեան աշխատակազմը գործունէութեան ընթացքին պիտի շարունակէ սերտ կապի մէջ մնալ համապատասխան նախարարութիւններուն եւ պատկան մարմիններուն հետ։

Չոփլէր թաղամասին մէջ գտնուող հանքավայրը կը գործէ արդէն 12 տարիէ ի վեր՝ հանքարդիւնաբերութեան գագաթնակէտ համարուող եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխանող արտադրական տեխնիկայով:

Արեւմտեան Հայաստանը կ’ահազանգէ հերթական բնապահպանական աղէտին մասին, որ կ’իրակնացուի թրքական ղեկավարութեան թողտուութեամբ: Թուրքիա միտումնաւոր կերպով կը շահագործէ Արեւմտեան Հայաստանի բնական աղբիւրները, որուն պէտք է միջազգային հանրութիւնը յստակ գնահատական տայ: