2018 թուականին այս օրը 94 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացաւ ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, գրող, դերասան եւ հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուր:

Շառլ Ազնաւուր (իսկական անունը՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան) ծնած է 1924թ. Մայիսի 22-ին, Փարիզի Սէն Ժերմէն տէ Փրէ թաղամասը, հայ գաղթականներ Միշա եւ Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ:

Իր երաժշտական կեանքի ընթացքին ձայնագրած է մօտ 1200 երգ տարբեր լեզուներով։ Ան ֆրանսալեզու ամենայայտնի երգիչներէն մէկն է։

1988թ. սպիտակեան աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք հիմնադրած է «Ազնաւուրը Հայաստանին» բարեգործական հիմնադրամը։ 2017թ. Շառլ Ազնաւուր ու անոր որդին Նիկոլա ստեղծեցին «Ազնաւուր» հիմնադրամը, որուն առաջին նախագիծը Երեւանի մէջ «Ազնաւուր» կեդրոնի ստեղծումն է: Հայաստանի մշտական դեսպանն էր ԵՈւՆԷՍՔՕ-ի մէջ։ Գիւմրիի մէջ կանգնեցուած է Ազնաւուրի արձանը, անոր անունով կը  կոչուի Երեւանի հրապարակներէն մէկը։  2009թ. Մայիսի 5-ին ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով համատեղութեան կարգով նշանակուած է Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: 2010 թուականին ան կը ստանայ Victoires de la Musique մրցոյթի գլխաւոր մրցանակը: 2017թ. Օգոստոսի 24-ին Հոլիուուտի Փառքի ծառուղիին մէջ բացուած է Շառլ Ազնաւուրի պատւոյ աստղը:

Շառլ Ազնաւուր Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ է, որ իր ողջ կեանքի ընթացքին ամէն տեղ ու անդադար նշած է այդ մէկը, խօսելով Ցեղասպանութեան եւ անոր հատուցման մասին։ Արեւմտեան Հայաստանը կը յարգէ հզօր հայորդիին վաստակը ու խնկարկելով վառ յիշատակը կը նշէ, որ անոր երազանքը՝ Հայստան պետութիւնը շուտով պիտի վերականգնուի բոլորիս ջանքերուն շնորհիւ։