
Սեպտեմբերի 28-30-ը Մեքսիքոյի մէջ ընթացող ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի «Մշակութային քաղաքականութեան եւ կայուն զարգացման համաշխարհային համաժողով»ի ծիրին մէջ կազմակերպուած է տարբեր ժողովուրդներու տարազներու եւ մշակութային տարրերու ցուցահանդէս, որուն Հայաստան մասնակցած է հայկական ժանեակի ցուցադրութեամբ:
Այս նրբահիւս աշխատանքի ոգեշնչման նախատիպը 1930-ական թուականներուն ստեղծուած հայկական ժանեակի մէկ նմոյշն է:
Միջոցառման նպատակն է ներկայացնել MONDIACULT 2022-ին մասնակից երկիրներու մշակութային բազմազանութիւնն ու հարստութիւնը` տուեալ մշակոյթներուն բնորոշ գործուածքեղէնի, ձեռագործ աշխատանքի, գեղարուեստի առարկաներու ցուցադրմամբ։
Աւելցնենք, որ Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունեցո ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի «Մշակութային քաղաքականութեան եւ կայուն զարգացման համաշխարհային համաժողով»ի հայաստանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Դումանեան:
Յիշեցնենք, որ ժանեակագործութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սկսաւ զարգանալ հայերու դէմ Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ տարածքներուն մէջ իրականացուած Ցեղասպանութենէն ետք, գլխաւորաբար արուեստը Երեւան եւ յարակից մարզեր բերին վանեցիները, մարաշցիները, եւ Կարինէն բռնագաղթածները։ Այսօր այդ միջազգային ցուցահանդէսին ցուցադրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մշակոյթը, որուն մասին ցաւօք շատ քիչ խօսուեցաւ։