
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան ներկայացուց Արեւմտեան Հայաստանի մարտահրաւէրները, առաջնայինը նշելով անվտանգութեան խնդիրը, առաջարկելով համասփիւռ հայութեան հետ միասնական կերպով վերականգնել Հայաստանի պետականութիւնը։ Ելոյթի նպատակն էր․ հասկնալ ստեղծուած իրավիճակը՝ անոնց համապատասխան լուծումներ առաջարկելու համար։ Նախագահը առաջարկեց բնիկութիւնը օգտագործել որպէս միասնականութեան կապող օղակ, քանի որ Ցեղասպանութենէն ետք կտրուած էր կապը հայուն եւ հայրենիքին միջեւ, եւ հայը միայն լեզուի ու մշակոյթի շնորիւ կրցաւ պահպանել իր բնիկ կարգավիճակը։ Նշեց նաեւ, որ պատմութեան մէջ ներդրուած միտումնաւոր կեղծիքները հասցուցին Ցեղասպանութեան, իսկ այդ գործընթացը կը շարունակէ այսօր, որպէսզի հայ ազգը ինքզինք սպաննէ՝ իր սխալ որոշումներով, աշխատանքով ու կեղծիքներուն ուժ տալով։ Որովհետեւ հայութիւնը մինչեւ օրս չկրցաւ ճիշդ եւ արդար կերպով վերականգնել իր պետականութիւնը։ Պարոն Աբրահամեան նշեց նաեւ, որ մարտահրաւէրները հիմնուած են ճգնաժամերու եւ խնդիրներու վրայ, կան պատմութեան, ինքնութեան ու էութեան հետ կապուած խնդիրներ։ Բնիկութիւնը կ’օգնէ հասկնալ մեր էութիւնը, իսկ էութիւնը կը ձեւաւորէ մեր այսօրուան քաղաքականութիւնը։
«Եթէ մենք չենք ընդունիր մեր էութիւնը կապուած բնիկութեան եւ մեզ կը ներկայացնենք որպէս օճախ, համայնք, կրօնական փոքրամասնութիւն կամ որեւէ այլ կարգավիճակով, որ կապ չունի մեր պետականութեան հետ, մենք մեզ քայլ առ քայլ կ’ոչնչացնենք։ Ամբողջ աշխարհի մէջ կան հայութեան օճախներ, բայց արդեօք այդ օճախները կը ներկայացնե՞ն մեր ընդհանուր շահերը պետականութիւնը պաշտպանելու համար։ Իւրքանչիւր օճախ կը զբաղի միայն ինքնապահպանմամբ։ Այս եւս մէկ ճգնաժամային մարտահրաւէր է, կապուած պատմութեան եւ էութեան հետ։ Մենք մէկ այլ ճգնաժամ եւս ունինք, կապուած պատմութեան խեղաթիւրման հետ, չի նշուիր, որ Ցեղասպանութիւնը իրագործուած է Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ տարածքին մէջ, Ատանայի եւ Համիտեան ջարդերը չեն մտներ Ցեղասպանութեան մէջ, իսկ Ցեղասպանութիւնը իբրեւ թէ սկսած է 1915 թուականին։ Բայց Ցեղասպանութիւնը շարունակական գործընթաց է, որ կ’իրականացուի թուրք կազմակերպիչներու կողմէ մինչեւ օրս, որպէզսի չվերականգնենք մեր պետականութիւնը եւ չպաշտպանենք մեր իրաւունքները միջազգային գործընթացներու մէջ։
Շատ կարեւոր է, որ Թուրքիա ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, սակայն ոչ մէկ պաշտօնական դիմում ուղղուած է Թուրքիոյ ճանաչման եւ հատուցման համար։ Միւս կեղծ դրոյթն այն է, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայութիւնը չկայ, այստեղ հարց կ’առաջանայ՝ մենք չկա՞նք, թէ իրաւունք չունինք մեզ ներկայացնելու որպէս Արեւմտեան Հայստանաի հայութիւն։ Նախ եւ առաջ մենք կա՛նք եւ իրաւունք ունի՛նք պաշտպանելու մեր իրաւունքները։ Մենք չենք ընդունիր այս կեզծ դրոյթները, մենք գիտենք մեր ինքնութիւնը եւ կրնանք ըսել, որ ՀՀ-ի մէջ 60-70 տոկոսը Արեւմտեան Հայստանէն եկած զաւակներն են։ Եթէ նամանտիպ կեղծ դրոյթներով առաջնորդուինք, այսպէս հայութիւնը պիտի հասնի ինքնասպանութեան, սակայն Արեւմտեան Հայաստանը՝ պիտի չընթանայ այդ ճանապարհով։
Մենք այժմ կը գտնուինք նման ճգնաժամի մէջ, քանի որ մենք մինչեւ օրս չկրցաք ներակայացնել մեր ուզածը ճիշդ ձեւով՝ ինչպէս հասարակութեան, այնպէս ալ օտարներուն առջեւ։ Օտարներուն պարզ չէ, թէ ի՞նչ է հայութեան ուզածը, եւ ինչի՞ հիման վրայ պէտք է դիմադրութիւն ներկայացնեն։