
Ժողովրդական երգիչ, աշուղ Ջիւանիի ժառանգութիւնը, որ կը պահուի Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ, պիտի թուայնացուի:
Թուայնացումը պիտի իրականաց’ուի թանգարանի եւ ամերիկահայ բարերար, գործարար, Ջիւանիի ազգական եւ յետնորդ Պօղոս Յարութիւնեանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան համաձայնագիրի ծիրին մէջ:
Թանգարանին մէջ կը պահուի Ջիւանիի ձեռագիր ժառանգութիւնը՝ բանաստեղծութիւններու ինքնագիր տետրերը, աշուղի նամակները, նոյնիսկ հրատարակչութիւններուն հետ պայմանագիրները՝ Ջիւանիի ստեղծագործութիւններու հրատարակման վերաբերեալ։
Աշուղ Ջիւանիի (Սերոբ Լեւոնեան, 1846-1909) անունը կապուած է աշուղական արուեստի նոր հայկական դպրոցին հետ։ Աշուղն իր երգերուն մէջ նկարագրած է հասարակ մարդոց աղքատութիւնն ու իրաւունքներու բացակայութիւնը, դատապարտած կեղեքողները։ Ջիւանի իր տաղանդին համար ստացած է ազգային ճանաչում։ Ջիւանիի բանաստեղծութիւնները կ’առանձնանան հայերէնի առանձնայատուկ մաքրութեամբ։ Ըստ տարբեր աղբիւրներու, մինչեւ 1000 ստեղծագործութիւններու հեղինակ է։