Արցախի կառավարութիւնը Արդարադատութեան նախարարութեան կայքին հանրային քննարկման  ներկայացուցած է «Հարկադիր տեղահանուած անձերու մասին» օրէնքի նախագիծը:

Արցախի պետական նախարարի խորհրդական, օրինագիծի աշխատանքները  համակարգող Էլինա Մխիթարեան նշեց հետեւեալը․ «Նախագիծին նպատակը հարկադիր տեղահանուած անձերու իրաւունքներու ապահովման, փաստացի բնակութեան վայրին հետ համակերպման, հիմնական պահանջներուն հետ կապուած խնդիրներու լուծման աջակցելու մեխանիզմներու իրաւական հիմքերու ստեղծումն է»։

Հանրային քննարկման դրուած օրինագիծին մէջ  նշուած  է, որ  տեղահանուած անձերու իրաւական կարգավիճակի եւ պետական երաշխիքներու սահմանման համար անհրաժեշտ իրաւական նախապայման  հանդիսացած է  Արցախի Ազգային ժողովին կողմէ 2022 թուականի Փետրուարին ընդունուած  «Արցախի բռնազաւթուած տարածքներուն մասին» օրէնքը:

Արեւմտեան Հայսաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան իր հանրային ելոյթներուն մէջ բազմիցս նշած է, որ Արցախ ապրող հայերու իրաւունքները պէտք է հիմնաւորուին  եւ պաշտպանուին բնիկութեան վրայ։ Արցախ ապրող հայերը նոյնքան բնիկ են իրենց տարածքին մէջ, որքան Արեւմտեան Հայաստան ապրող հայերը։ Պէտք է գիտակցիլ ընդհանուր իրաւունքները եւ շարժիլ միասնական ճանապարհով։