ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերով գրասենեակի տնօրէն Մարք Քամերոն այցելած է Գեղարքունիք մարզ, Վարդենիս եւ Սոթք բնակավայրեր, հանդիպած ՀՀ ԶՈՒ 2-րդ բանակային ջոկատի հրամանատարին հետ եւ դիտարկած հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը։ Այս լուրը կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութենէն: Այցի ընթացքին Մարք Քամերոն ընդգծած է Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հարցերուն մէջ։ Այսպիսով, ԱՄՆ ներկայացուցիչները կը միանան եւրոպական դիտորդներուն, որոնք երկու ամիս պիտի դիտարկեն շփման գիծը։ 

Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահտէ դիտորդներու ներկայութիւնը շփման գիծին վրայ՝ հաշուի առնելով նախ եւ առաջ զինուորներու եւ ժողովուրդի անվտանգային հարցերը։