Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանական երեք քաղաքական ուժեր յայտարարութիւն տարածած են ՀՀ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ Հոկտեմբերի 28-31-ը նախատեսուող Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է.«Համազգային միասնութիւնը, իրօք որ, հայ ժողովուրդին համար միակ փրկութիւնը կրնայ ըլլալ այս վճռորոշ ժամանակահատուածին: Արցախի քաղաքական ուժերն ու իշխանութիւնները իրենց յայտարարութիւններուն  ու կոչերուն մէջ միշտ ալ կարեւորած են եռամիասնութեան գաղափարը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող գործնական քայլերը: Հայաստան-Արցախ-տարագիր հայեր եռամիասնութեան իրականացման համար կարեւորագոյն հանգրուաններ եղած են մայր հայրենիքի եւ Արցախի մէջ տարբեր ձեւաչափերով կազմակերպուած համաժողովներն ու քննարկումները: Յանուն անանց արժէքներու եւ կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարցերու՝ հայ անհատը, աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի, պատրաստ է զոհողութեան ու նուիրումի, համախմբման ու բռնցքուելու:  Սոյն թուականի Հոկտեմբերի 28-31-ը Երեւանի մէջ նախատեսուած է իրականացնել Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով: Արցախը կը բացակայի այս գագաթնաժողովէն, այն պարագային, երբ պէտք է համազգային տագնապի կոչնակ հնչեցնել: Արցախն անտեսող եւ կեղծ համահայկականութեամբ քօղարկուած այս ժողովը անընդունելի պէտք է ըլլայ բոլոր անոնց համար, որոնց համար թանկ են հայոց պետականութիւնը եւ անոր ամրութիւնն ապահովող հիմնասիւները: Հիմք ընդունելով վերը նշուած իրողութիւնները՝ կոչ կ’ուղղենք մեր հայրենակիցներուն, Արցախի պետական այրերուն մերժել միասնականութիւնը խաթարող նախաձեռնութիւնները»:

Արեւմտեան Հայաստանը կը յիշեցնէ, որ ինք նոյնպէս պիտի բացակայի այս գագաթնաժողովէն, քանի որ այն երբեք չէ եղած Երեւանի իշխանութիւններու ուշադրութեան առարկան։

Արեւմտեան Հայաստանը, այնուամենայնիւ, միասնութեան կոչ կ’ուղղէ  բոլոր հայերուն, անկախ այն բանէն, որ անոնք կ’ապրին Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, Ջաւախք, թէ Արեւմտեան Հայաստան։ Այս պահուն կարեւոր է ըլլալ միասնական եւ քալել մեր ընդհանուր իրաւունքներու ճանապարհով։

Սակայն Արեւմտեան Հայաստանը կը խնդրէ Արցախին եւ Արեւելեան Հայաստանին քարտէզներ պատրաստելու ժամանակ իր տարածքին մէչ չգրել Թուրքիա։ Արեւմտեան Հայաստանը, որուն օրինական մասն է Արցախը, երբեք չէ ուրացած արցախահայութեան իրաւունքները եւ երբեք չէ պնդած, որ Արցախ Ատրպէյճանի մաս է, եւ Արցախէն համարժէք քայլ կ’ակնկալէ։