Բռնցքամարտի Հայաստանի կիներու հաւաքականը 1 ոսկեայ եւ 2 պրոնզեայ մետալ  նուաճած է Չեռնոկորիայի Պուտվա քաղաքին մէջ կայացած բռնցքամարտի Եւրոպայի մեծահասակներու առաջնութեան: Եւրոպայի ախոյեան կոչման արժանացած է Անի Յովսէփեան: 70քկ քաշայիններու եզրափակիչին հայ մարզիկը 4:1 հաշւով առաւելութեան  հասած է Իռլանտայի ներկայացուցիչ Քրիստինա Տեսմոնտի նկատմամբ եւ արժանացած ախոյեանի կոչման։ Մեկնաբանելով ախոյեանութիւնը՝ Անի նշած է, որ շատ երկար  սպասած էր այս մետալը:

Հայաստանի կիներու հաւաքականի կազմին մէջ պրոնզեայ մետալներ ալ նուաճած են 54քկ քաշային Եկատերինա Սիչեւա եւ 63քկ քաշային Սոնա Յարութիւնեան՝ կանգնելով պատւոյ հարթակի երրորդ աստիճանին։ Նշենք, որ հայ բռնցքամարտիկները պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մետալներ նուաճած են բռնցքամարտի Եւրոպայի կիներու մեծահասակներու առաջնութեան: Մարզիչ Ռաֆայլ Մեհրաբեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանի կիներու հաւաքականը Եւրոպայի առաջնութեան մասնակցած է 7 մարզիկով: Արեւմտեան Հայաստանը կը շնորհաւորէ մարզիկները հրաշալի արդիւնքներ գրանցելու  առթիւ։