Արցախի մէջ ընթացիկ տարուան վերջը շահագործման պիտի յանձնուին բազմաթիւ բնակարաններ ու առանձնատուներ,  շարք մը ասֆալտապատ ճանապարհներ: Արդէն իսկ պատրաստ  են  հարիւրաւոր նոր առանձնատուներէ  ու  տասնեակ բազմաբնակարան շէնքերէ բաղկացած նոր թաղամասերու կառուցման նախագիծեր: Նախատեսուած է լուսաւորման համակարգ անցնել  Արցախը Հայաստանին կապող նոր երթուղիի երկայնքով:   Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Արամ Սարգսեան մանրամասներ  ներկայացուցած է ընթացիկ, աւարտող եւ նախատեսուող շինարարական աշխատանքներու, խնդիրներու եւ ձեռքբերումներու մասին: Անոր խօսքով, Արցախի մէջ շինարարութիւնը կ’իրականացուի  մեծ մասամբ պետական պիւտճէի, նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի եւ սեփական ընկերութիւններու ներդրումներով: 

Արցախի ուժեղ եւ ծաղկուն ըլլալը Արեւմտեան Հայաստանի մարտահրաւէրներէն մէկն է, մենք շատ կը կարեւորենք Արցախի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած քայլերը, որոնց կ’ուղեկցի ենթակառուցուածքներու զարգացումը։