Ասկերան շրջանի Իւանեան համայնքի տարածքին կառուցուող նոր թաղամասին մէջ 15 բազմաբնակարան շէնքերէն 10-ը՝ ընդհանուր 120 բնակարանով, պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ: Այս լուրը կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ շէնքերուն մէկ մասին շինարարական աշխատանքներն արդէն ավարտած են, իսկ միւսներու մէջ կը շարունակուին ներքին եւ արտաքին յարդարման աշխատանքները։ Նշուած 10 բազմաբնակարան շէնքերու կառուցապատման աշխատանքներուն ներգրաւուած են 7 շինարարական կազմակերպութիւններ, նիւթական օժանդակութիւնը կը կատարուի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ։