
Շարունակելով աջակցիլ Լիբանանի մեր հայրենակիցներուն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հերթական դրամական աջակցութիւնը ցուցաբերած է Լիբանանի մէջ գործող 16 հայ կրթական հաստատութիւններու։
«Հայաստան» հիմնադրամը հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթօճախներուն եւ լիբանանահայութեան կողքը: Օժանդակութիւնը սկիզբ առաւ տակաւին 2019թ.-ի Դեկտեմբերին, երբ Լիբանանի մէջ խորացաւ ընկերական-տնտեսական ճգնաժամը։ Յաջորդ աջակցութիւնը ցուցաբերուեցաւ 2020թ.-ի Օգոստոսին՝ Պէյրութի աղետալի պայթումէն անմիջապէս ետք։ Այդ տարի շուրջ 600,000 ԱՄՆ տոլարի դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ տեղի հայ կրթական հաստատութիւններուն։
2021թ.-ի Սեպտեմբերին, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ տեղական մարմնի ջանքերով հաւաքագրուեցաւ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փոխանցուեցաւ 1,000,000 ԱՄՆ տոլար՝ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերական, ինչպէս նաեւ հայ կրթական հաստատութիւններու կարիքները հոգալու նպատակով: