Կեսարիա-Սեբաստիա մայրուղիի տարածքին գտնուող 6000-ամեայ Քիւլթեփէ Կանիշ-Քարում կոչուող բնակավայրի աւերակներուն մէջ 75 տարի շարունակուող պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած գտածոները տարածաշրջանին մէջ  եզակի հանդիպող շինարարութեան եւ ճարտարապետական ոճի լուռ վկաներն են։ Շինութիւններու քարէ պատերուն վրայ յայտնաբերուած են 4500 տարուայ՝ մարդկային ձեռքով կաւէ պատրաստուած ծեփի հետքեր։ 

Յայտնաբերուած կառոյցներու սենեակներուն մէջ՝ առաստաղին վրայ պահպանուած են փայտեայ սիւներու անցքեր։ Այս փայտաշէն կացարաններուն մէջ փայտի մնացորդները կը թուագրուին 4500 տարուայ վաղեմութեամբ։Արեւմտեան Հայստանը այժմ մեծապէս կ’ուսումնասիրէ այն անտիկ գտածոները, որոնք կը յայտանբերուին մեր բնիկ տարածքներուն մէջ։ Նախատեսուած է Արեւմտեան Հայաստան կատարուելիք  յաջորդ առաքելութեան ժամանակ իրականացնել խոր ուսումնասիրութիւններ եւ այցելել այն վայրերը, ուր յայտնաբերուած են նմանատիպ կարեւոր հնագիտական փաստեր, որոնք խօսուն վկաներն են հայերու բնիկութեան ու հազարամեայ պատմութեան։