
Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան ներկայացուց ընդհանուր Հայաստան պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները։ Անդրադառնալով թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններուն՝ նշեց․ «անոնք սահմանային միջադէպեր չեն, ինչպէս կը նշեն շատեր, այլ՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ բռանգրաւուած տարածքներուն մէջ իրականացուող գործողութիւններ են։ Մենք այժմ միայնակ մնացած ենք թշնամիին առջեւ եւ պէտք է վելուծենք իրավիճակը՝ համապատասխան լուծում առաջարկելու եւ դիմադրութիւն ցոյց տալու համար»։ Անդրադառնալով «իրական քաղաքականութեան» ըսաւ, որ իրական քաղաքականութիւնը մեր դիմադրութիւնն ու հայրենիքի ամբողջականութեան պահպանումն է։Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեան նշեց, որ որեւէ քննարկում եւ բանավէճ պէտք է պտուղ տայ, այնուհետեւ ստացուած արդիւնքին վրայ պէտք է տանիլ երկարատեւ եւ յամառ աշխատանք՝ ցանկալի արդիւնք ստանալու համար։ https://youtu.be/TLXo8A4KkO0