Սեբաստիայէն սկիզբ առնող եւ Սեւ ծով թափող Արեւմտեան Հայաստանի ամէնէն երկար գետը՝ 1355քմ երկարութիւն ունեցող Հալիսը, աննախադէպ ծաւալով կը ցամքի։ Քանի որ ջուրին մակարդակը զգալիօրէն իջած է, գետը վերածուած է խոտածածկ տարածքի։

Անցեալ տարի ձմրան ամիսներուն տեղացած առատ ձիւնին շնորհիւ գարնան ջուրի հունը հասած էր իր գագաթնակէտին։ 

Կար ժամանակ, երբ գետի ջուրն առատօրէն կը հոսէր գետին վրայ կառուցուած պատմական Էյրի կամուրջի 18  կամարներուն մէջէն, մինչդեռ հիմա կամուրջի հիմնասիւները ծածկուած են խոտերով։  Երբ կը համեմատենք 7 ամիս առաջ ստացուած լուսանկարը վերջին օրերու  լուսանկարին հետ, աւելի յստակ կը դառնայ երաշտին պատկերը։

Այս բնապահպանական լուրջ աղէտ է, որուն պէտք է տալ յստակ գնահատական եւ բնապահպանները պէտք է զբաղին այս խնդիրով, քանի որ հաւանական է, որ գետի ցամքելուն պատճառը միայն համաշխարհային տաքացումը չէ։