
Հայաստանի մէջ 2023 թուականին պետական պիւտճէով նախատեսուած է Արցախի Հանրապետութեան առանձին շրջաններէն տեղահանուած ընտանիքներուն համար բնակարանային մատչելիութեան ապահովման պետական աջակցութեան ծրագիրին ուղղել 2 միլիար դրամ: Այս լուրը յայտնած է ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան ԱԺ մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին։
«2023 թուականին նախատեսուած է իրականացնել Արցախի Հանրապետութեան առանձին շրջաններէն տեղահանուած ընտանիքներուն համար բնակարանային մատչելիութեան ապահովման պետական աջակցութեան միջոցառումը: Այս ծրագիրին համար 2023 թուականին պիւտճէով նախատեսուած է 2 միլիար դրամ»,- ըսած է նախարարը:
Պտի կրճատուի նաեւ ձեռք բերուող կամ կառուցուող գոյքի նկատմամբ սեփականութեան իրաւունքի գրանցման համար գանձուած գումարը:Արեւմտեան Հայաստանը մշտապէս մտահոգ ըլլալով Արցախի բնակչութեան խնդիրներով, մեծաւ մասամբ կը զբաղի անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ։ Միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ կը ներկայացուին արցախահայութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ այն ռազմական յանցագործութիւնները, զորս բռնազաւթիչ Ատրպէյճան կ’իրականացնէ անոնց նկատմամբ։ Մենք հետեւողական աշխատանք կ’իրականացնենք միջազգային ասպարէզի վրայ՝ ընդհանուր հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Նշենք, որ նախօրէին մեր կողմէ երեք նոր դիմում փոխանցուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ):։