
Լոռիս-Մելիքեանները հայ ազնուականական տոհմ են, կը յիշատակուն 16-րդ դարէն։
Ցարական Ռուսիոյ պետական եւ ռազմական հռչակաւոր գործիչ, կոմս, հեծելազօրի գեներալ, գեներալ-համհարզ, Կովկասի փոխարքայի պաշտօնակատար, Ռուսիոյ վարչապետ-միապետ, ներքին գործոց նախարար, Ռուսիոյ գիտութիւններու կայսերական ակադեմիայի ակադեմիկոս, Ռուսիոյ բարձրագոյն՝ Սուրբ Անտրէյ Նախավկայի շքանշանակիր Միքայէլ Լոռիս-Մելիքեան այս տոհմի ամէնէն ականաւոր ներկայացուցիչն է։
1840-ականներուն մասնակցած է Կովկասի լեռնականներուն դէմ ռազմական գործողութիւններուն: 1853-1856թթ.՝ Ղրիմի կամ Արեւելեան պատերազմին, որպէս առաջապահ հեծելազօրի հրամանատար, աչքի ինկած է թուրքերուն դէմ Կարսի, Պայանտուրի մարտերուն, ստացած գեներալ-մայորի աստիճան: 1877-78թթ. հայազգի զօրավարը կը նշանակուի 52 հազարնոց Կովկասեան առանձին ջոկատի հրամանատար եւ կը ղեկավարէ ռազմական գործողութիւնները Կովկասեան ռազմաճակատին վրայ, կը գլխաւորէ Արտահանի գրոհը եւ կը գրաւէ այն, Ալաճայի բարձունքներուն վրայ կը ջախջախէ Մուխթար փաշայի զօրքը, կը նուաճէ հայոց հայրենի Կարսը՝ արհամարհելով այդ գործողութեան չդիմելու վերին հրամանը ու կ’անցնի Էրզրումի պաշարման։
Լոռիս-Մելիքեան հնարաւորինս հետամուտ եղած է հայկական հարցին, կեանքի վերջին տարիներուն Նիսի մէջ յաճախ հանդիպած է Նուպար փաշային, անոր հետ խննարկած արել ազգային խնդիրները։