
Վանի Արճէշ գաւառին մէջ, ցանցանման յատակագիծով անտիկ քաղաքի աւերակներուն մէջ յայտնաբերուած են ամրոցի հիմնապատը եւ 1 կարաս։
Հնագոյն քաղաքի աւերակներուն մէջ աւելի վաղ յայտնաբերուած էին արամերէն արձանագրութիւններ, խեցեղէն առարկաներ, 4մ լայնքով եւ 6մ բարձրութեամբ երկրաշարժադիմացկուն պարիսպներ։ Ամրոցի հիմքը պաշտպանութեան տակ վերցուած է, իսկ կարասը տարուած է Վանի թանգարան՝ փորձաքննութեան։