Ներքին Հանդը ատրպէյճանական վերջին ներխուժումէն՝ Սեպտեմբերի 13-էն ետք մնացած է առանց խմելու ջուրի։ Սիւնիք մարզի սահմանային այս գիւղի դիրքերուն մեծ մասը ատրպէյճանցիները գրաւած են եւ տեղակայուած խմելու ջուրի աղբիւրի տարածքին։

Բնակիչները ստիպուած կ’օգտագործեն ոռոգման ու գետի ջուրը։

Ներքին Հանդին մէջ վերջին երկու ամիսներուն կիներ ու երեխաներ չկան, քանի որ ապահով չէ, գիւղի երեք կողմերը զինուած ատրպէյճանցիներ  դիրքաւորուած են։

Ներքին Հանդի ճակատագիրը սահմանային բնակավայրերէն ամէնէն անորոշն է։ Անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ ապրող մարդիկ մնացած են առանց հողի եւ անասուններու։ Գիւղի արտերը նուազագոյնը չէզոք գօտի դարձած են, կամ ալ միջդիրքային տարածք։

Արեւմտեան Հայաստանը կ’արձանագրէ ատրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքը, որ ստեղծուած է խմելու ջուրի մատակարարման դիտաւորեալ դադրեցմամբ։ Այս մարդասիրական իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում է, բան մը, որ բնականաբար պէտք է ստանայ միջազգային հանրութեան յստակ արձագանգը։ Ինչպէս նաեւ պէտք է Եւրոպական միութեան յատուկ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող խումբերու ուշադրութիւնը հրաւիրել այս դէպքին վրայ: