
Արեւմտեան Հայաստանի Հաթայ քաղաքին մէջ՝ Սուրբ Առաքելոց եկեղեցւոյ տարածքին 15 տարի առաջ պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած շրջանաձեւ դամբարաններէն մէկուն մէջ վերջերս ի յայտ եկած է 18-ամեայ աղջկայ կմախք։ Երիտասարդ աղջկան կմախքն ուղարկուած է Հաթայի թանգարան՝ մանրամասն ուսումնասիրութեան համար։
Արշաւախումբին կողմէ իրականացուող պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած 20 գերեզմանէն առայժմ բացուած է 3-ը։