

Աղահեճքի ամրոցը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղ շրջանի Միրիկ գիւղի արեւմտեան եզրի բարձրադիր բլուրին գագաթը։ Ամրոցը տեղակայուած է Աղաւնոյ գետի աջ ափին բարձրացող լեռնաբազուկին վրայ։
2013 թուականին յուշարձանը յայտնաբերած է հնագէտ Գ.Մ. Սարգսեան՝ դաշտային հետախուզական աշխատանքներու ընթացքին։
Յուշարձանին վերաբերեալ պատմական տեղեկութիւններ շատ քիչ պահպանուած են։ Ամրոցը կառուցուած է Ն.Ք. 9-8-րդ դարերէն ոչ վաղ եւ գոյատեւած է մօտ 300 տարի։
Աղահեճք ամրոցը եզակի յուշարձան է, ուր պահպանուած բոլոր ճարտարապետական համալիրները նմանը չունին Հայաստանի, Հարաւային Կովկասի եւ ամբողջ յետխորհրդային տարածքի հնագոյն քաղաքակրթութիւններուն մէջ։ Կառուցուած ըլլալով երկաթի լայն տարածման ժամանակաշրջանին, այն կը կրէ Առաջաւոր Ասիոյ տարբեր ժամականաշրջաններու եւ քաղաքակրթութիւններու բնորոշ տարրեր, որոնք երբեք միասին չեն հանդիպած։