
Լեմկինի հիմնարկը թուիթըրեան գրառման մէջ նշած է․«Մենք կը դատապարտենք Յաղթանակի օրուան ելոյթներուն մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ յատուկ ցեղասպանական հռետորաբանութեան օգտագործումը։ Մեղմասացութիւնները կը փորձեն քօղարկել ցեղասպանական հռետորաբանութիւնը եւ դիտաւորութիւնը: Կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան դատապարտել այս հռետորաբանութիւնը եւ պաշտպանել հայերը»։
Տարածուած հաղորդագրութեան մէջ Լեմկինի հիմնարկը որպէս օրինակ կը բերէ Ալիեւի այն խօսքերը, թէ հայերուն «ողբերգութիւն» կը սպասէ կամ թէ «Ատրպէյճանի համբերութիւնը կը սպառի»: Հիմնարկը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս հռետորաբանութեան վրայ՝ հայ ժողովուրդին դէմ եւս մէկ ցեղասպանութենէ խուսափելու համար: