Արեւմտեան Հայաստան. 

 20-րդ դարու սկիցբը  Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առկայ մշտական ​​կապը նպաստեց հայասիրական շարժման զարգացման, որ արեւմտեան հասարակական կարծիքը Հայկական հարցին նկատմամբ՝ Արեւմտեան Հայաստանի (Հայաստան) եւ Կովկասի մէջ դարձուց առաւել իրազեկուած:

Այդտեղ մենք կը հանդիպինք Ժան Ժորէսին, Անատոլ Ֆրանսին (վերի շարք), ինչպէս նաեւ Ժորժ Քլեմանսոյին, Ժան Լոնկէին, Շառլ Փեկին, Ռոմէն Ռոլանին, Անթուան ​​Պուրտէլին, Վիքթոր Պերարին, Մորիս Պարրէսին, Պեռնար Լազարին, Փիեռ Քուիլարտին..

Անատոլ Ֆրանս, մեզի յայտնի մեծ մարդասէրը, խստօրէն բողոքեց եւ դատապարտեց համիտեան ջարդերը (Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերու դէմ իրականացուած լայնածաւալ յանցագործութիւններու առաջին շարքը, որ տեղի ունեցաւ 1894-1896 թուականներուն սուլթան Ապտուլհամիտ երկրորդի օրօք, Եւրոպայի մէջ յայտնի է որպէս «Կարմիր սուլթան» կամ նոյնիսկ «Մեծ տիրակալ»): Այն առաջացուց բուռն զգացմունքներ, որ մենք կը տեսնենք աւելի ուշ՝ 1916 թուականին, Սորպոնի մէջ ունեցած անոր  ելոյթով, երբ ան շատ ծեր ու հիւանդ էր։

Սենատի կողմէ գոյութենական վտանգի տակ գտնուող հայերը պաշտպանելու վերաբերեալ բանաձեւի քուէարկութենէն օրեր առաջ կը հրաւիրենք Ձեզ կարդալ կամ վերընթերցել Անատոլ Ֆրանսի այս ելոյթը, որ  ողբերգականօրէն արդիական է:

Այն ներկայացուած է 1916 թուականի Ապրիլի 9-ին, Ցեղասպանութեան ժամանակ, Սորպոնի մեծ ամֆիթատրոնին մէջ ՝ հայերու աջակցութեան համաժողովին մէջ, զոր կը վարէր Փօլ Տեշանէլ.

«Քսան տարի առաջ, երբ սուլթան Ապտուլ Համիտի հրամանով իրականացուած կոտորածը արեան վերածեց Հայաստանը, Եւրոպայի մէջ ընդամէնը քանի մը  վրդոված ձայներ բողոքեցին ժողովուրդի բնաջնջման եւ վիրաւորուած մարդկութեան դէմ … Մնացածը լռեցին։ Շատեր խղճահարուած էին, բայց քանի որ մարդոց մեծամասնութիւնը կը հեռանայ դժբախտներէն, զոհերը կը մեղադրէին թուլութեան մէջ։ Ոմանք, պաշտպանելով դահիճները, ցոյց կու տային, թէ ինչպէս կը պատժեն ապստամբները կամ վրէժխնդիր կ’ըլլան քրիստոնեայ վաշխառուներու կողմէ թալանուած թուրք բնակչութեան համար։

Շատեր կը մեղադրէին Ռուսիան եւ Անգլիան  այս կոտորածին համար:

Սակայն, հակառակ հայաֆիլներու բողոքներուն եւ որոշ տէրութիւններու երկչոտ պատկերացումներուն ու թրքական կառավարութեան խոստումներուն, հալածանքները  չէին դադրիր։

 Պալատական ​​յեղաշրջումն իզուր փոխեց կայսրութեան ղեկավարները։ Իշխանութըան եկած երիտթուրքերը դաժանութեամբ գերազանցեցին՝ Ատանայի կոտորածը կազմակերպած Ապտուլհամիտ երկրորդը։ Ի վերջոյ, այս արեւելեան քրիստոնեաներու դժբախտութիւնները  ձանձրացիւցին զիրենք՝ իրենց  խղճահարութեամբ: Անոնք անհասկնալի մնացին քաղաքակիրթ Եւրոպային համար։

Հայ ժողովուրդը  յայտնի էր միայն իրեն հասցուած հարուածներով։ Մենք ոչինչ գիտէինք անոնց մասին՝  անոնց անցեալին, հանճարին, հաւատքին, յոյսերուն մասին: Անոնց ոչնչացման իմաստը մեզմէ խոյս տուաւ։ Այդպէս էր նաեւ  երկու տարի առաջ: Մեծ պատերազմը սկսած է.

Թուրքիա ինքզինք Գերմանիոյ վասալի պէս պահեց. Ֆրանսայի մէջ պարզ դարձաւ Հայաստանի ոգին ու անոր նահատակութեան պատճառները։ Պարզ էր, որ թուրք կեղեքիչի եւ հայու երկար ու անհաւասար պայքարը, եթէ ճիշդ կը հասկնանք, բռնապետութեան պայքար էր, պայքար՝ բարբարոսութեան  արդարութեան եւ ազատութեան ոգիին դէմ։

Եւ երբ տեսանք, թէ ինչպէս թուրքին զոհը շրջուեցաւ դէպի մեզի մարած աչքերով, որոնց մէջ յոյսի  շող կար, մենք վերջապէս հասկցանք, որ մեր արեւելքցի քոյրը կը մահանայ, եւ ան կը մահանայ, քանի որ ան մեր քոյրն է, կը մահանայ  մեր զգացմունքները կիսելուն համար, ան  սիրեց այն, ինչ կը սիրենք մենք, մտածեց այն, ինչ կը մտածենք մենք, հաւատաց անոր, ինչին կը հաաատանք մենք, ճաշակեց իմաստութիւնը, արդարութիւնը, քնարերգութիւնը եւ արուեստը, ինչպէս մենք, որ անոր անբացատրելի յանցագործութիւնն էր։

Ուստի, տիկնայք եւ պարոնայք, տեղին է, որ ֆրանսացիներու սենատը հանդիսաւոր կերպով յարգանքի տուրք մատուցէ այս ժողովուրդին իր մեծ եւ վեհ դժբախտութեան մէջ: Մենք այստեղ մեր սուրբ պարտքը կը կատարենք։

Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Հայաստանին ոչ այնքան անոր դժբախտութիւններուն համար, որքան այն հաստատակամութեան համար, որով ան կը դիմանայ անոնց։ Մենք կը գովաբանենք զինք անպարտելի սիրոյ համար, որ կը կապէ զինք այս դահլիճին մէջ գտնուող ժողովուրդներու քաղաքակրթութեան: Չէ՞ որ Հայաստանը մեզի հետ կապուած է ընտանեկան կապերով եւ, ինչպէս ըսաւ հայ հայրենասէր մը, այն արեւելքի մէջ լատինական հանճարի շարունակութիւնն է։ Անոր պատմութիւնը [..] կը յանգի Յունաստանի եւ Հռոմի մտաւոր ու բարոյական  ժառանգութեան պահպանման ուղղուած դարաւոր ջանքերուն: Հզօր Հայաստանը պաշտպանեց ինքզինք իր զէնքով ու օրէնքներով՝ պարտուած, հարստահարուած, ան իր պաշտամունքը պահեց իր սրտին մէջ:

Հայաստանը կը մահանայ. բայց ան պիտի վերակենդանանայ:

Այն քիչը,  որ մնացած է՝ այն թանկարժէք արիւնն է,  որ հերոսական սերունդ պիտի  տայ: Ժողովուրդը, որ չ’ուզեր մեռնել, չի մեռնիր…»

Անատոլ Ֆրանս (1844-1924) եղած է իր ժամանակի բազմաթիւ հասարակական ու քաղաքական շարժումներու ջատագովը։ Ան մասնակցած է Մարդու իրաւունքներու լիկայի ստեղծման։ Ռոմէն Ռոլանի եւ որոշ չափով Ֆրետերիկ Միսթրալի ու Սէն-Ժոն Փերսի հետ միասին ան գրականութեան ոլորտի մէջ Նոպէլեան մրցանակի չորս ֆրանսացի դափնեկիրներէն մէկն էր, որոնք պայքարած են յանուն հայերու:

1896 թուականի Յունուարին ընտրուած է Ֆրանսական ակադեմիայի անդամ՝ յաջորդելով Ֆերտինանտ տէ Լեսեփսին։ Վերջինս, ըստ անեկդոտի մը, Սուէզի ջրանցքը ճեղքելու թոյլտւութիւն ստացած է իր հայ ընկեր Նուպար Փաշայի՝ Ահմէտ Ալիի այդ օրերու Արտաքին գործոց նախարարին շնորհիւ։

Այդ օրերու այլ ակադեմիկոսներ կ’աջակցէին հայկական հարցին՝ Ալպերթ տը Մուն, Ալֆրէտ Վանտալ եւ Տենիս Քոչին։

Անատոլ Ֆրանս զգայուն էր հայերու ճակատագրին նկատմամբ Համիտեան ջարդերու ժամանակ, որուն հետեւանքով Օսմանեան կայսրութեան մէջ զոհուեցաւ աւելի քան 200,000 անձ:

Ան լաւ կը ճանչնար ֆրանսական գրական շրջանակներու մէջ մեծ յարգանք վայելող հայ գրող Արշակ Չօպանեանը, ով 1895 թուականին ստիպուած էր փախչիլ Կ. Պոլիսէն, եւ հեղինակել հայ հեղինակներու քանի մը գործեր։  Ան իր ժամանակի ամէնէն նշանաւորներէն մէկը եղած է, ով նուիրուած էր հայերուն։

Անատոլ Ֆրանս  Ժան Ժորէսի, Ժորժ Քլեմանսոյի, Փիեռ Քուիյարի եւ Ֆրանսիս տը Փրենսէսի հետ միասին եղած է հայկական շարժման նիզակակիր «Փրօ Արմենիա» ամսագրի հիմնադիրներէն եւ խմբագրական խորհուրդի անդամներէն։