
Մեքսիքոյի մէջ ընթացող Բռնցքամարտի համաշխարհային խորհուրդի (WBC) 60-րդ քոնկրէսին կազմակերպութեան ղեկավար Մաուրիսիօ Սուլէյման պաշտօնապէս ներկայացուցած է Հայաստանը որպէս տարածաշրջանին մէջ Բռնցքամարտի համաշխարհային խորհուրդի ներկայացուցիչ: Տեղեկութիւնը յայտնած է Մասնագիտացական բռնցքամարտի հայկական միութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
«Կողմերը քննարկած են համագործակցութեան հեռանկարները։ Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Հայաստանի 3 բռնցքամարտիկներ Ռաֆայէլ Սիմոնեան, Արամ Ֆանյեան եւ Վալերի Յովհաննիսեան ուժային մենամարտեր պիտի իրականացնեն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։ Մասնագիտացական բռնցքամարտի հայկական միութեան նախագահ Գառնիկ Յարութիւնեան յայտ ներկայացուցած է, որպէսզի հայ բռնցքամարտիկ Նոէլ Միքայէլեան մասնակցի ախոյեանական գօտիի համար մենամարտին: Բացառուած չէ, որ այդ ախոյեանական մենամարտը տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ: