Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ կազմակերպուած՝ Արեւմտեան Հայաստանի մարտահրաւէրները խորագիրը կրող գիտաժողովի երկրորդ օրը  պատմաբան Աշոտ Յարութիւնեան խօսելով պատմական արդարութիւնը վերականգնելու իրաւական հիմքերուն մասին, նշեց․ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնիսկ ՄԱԿ-ի մէջ չէ բարձրացուցած Թուրքիան եւ անոր վասալ Ատրպէյճանը դատապարտելու՝ Հայաստանի արեւմտեան նահանգներու, Կիլիկիոյ եւ Հայաստանի Քուռ-Արաքսեան  տարածքներու բռնազաւթման ու հայերու հայրենազրկման իրողութեան հարցը: Անկախութեան գաղափարի արժեզրկման, ազգային միասանական գաղափարախօսութեան, հեռանկարային ռազմավարութեան բացակայութեան, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական ծաւալուող զաւթումներու պայմաններուն մէջ Երեւան ապաստանած Շուշիի փախստական հայերը  յոյսով լեցուն հայեացքը դարձուցած են դէպի  Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը, որ Արցախը կ’ընդունի Արեւմտեան Հայաստանի անբաժանելի մաս եւ արեւմուտքի զարգացած երկիրներուն հետ համագործակցութեան դաշտ մտնելով, կրնայ փոխել հայկական երեք  պետականութիւններու աւանդական քաղաքական դրութիւնը  եւ դառնալ ողջ հայ ժողովուրդի շահերու եւ իրաւունքներու պաշտպան: Վերյիշենք, որ Արցախահայութեան մարմնական եւ բարոյական ցաւը բուժելու ռազմավարական մտածողութեան հիմքը դրուած է 1912թ. կազմուած արեւմտահայերու ազգային-քաղաքական ներկայացուցչական մարմնին՝ Ազգային պատուիրակութեան ղեկավար  Պօղոս Նուպար փաշային կողմէ»։ Ելոյթն ամբողջութեամբ դիտեցէք Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եութուպեան ալիքէն։

https://youtu.be/1lRO6CMqn5Y