
Հայաստանի ճատրակի տիկնաց հաւաքականի անդամ Մարիամ Մկրտչեան Անթալիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի պատանեկան առաջնութեան Մ18 տարեկաններու պայքարին մէջ ապահոված է ախոյեանի տիտղոսը: Այս տարի աւելի վաղ Մկրտչեան յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն դարձած էր նաեւ Աշխարհի Մ18 տարեկան աղջիկներու ախոյեան։ Արեւմտեան Հայաստանը կը շնորհաւորէ ճատրակի հայազգի ախոյեանը այս մեծ յաղթանակին առթիւ։