Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին մէջ երգ ու պարով նշուած է աշնանային բերքի տօնը, ցուցադրելով աշնան բերքն ու բարիքը։

Միջոցառումը տեղի ունեցած  է երիտասարդական կեդրոնի բակին մէջ՝ բաց երկինքի տակ։

Ցուցադրուած են Ախալքալաքի մէջ աճեցուած գիւղատնտեսական  բոլոր մշակաբոյսերը։ Հիմնական ցուցանմոյշներն էին գետնախնձորն ու հացահատիկը։

Երիտասարդական կեդրոնի սաներու ձեռքերով պատրաստուած են աւանդական ղափամայ, փոխինձ եւ փենիր փափասին։ Տօնական սեղանին, բացի այս ուտեստներէն ու բանջարեղէնէն, եղած են նաեւ թթուի եւ չիրերու տեսականի։ Ընթացքին կեդրոնի սաները պատրաստած են քանի մը ճաշատեսակներ: Այս բոլորին ուղեկցած են երգերը, պարերն ու բանաստեղծութիւններու ընթերցումը։

Արեւմտեան Հայաստանը ուրախութեամբ կ’արձանագրէ հայկական տարբեր բնիկ տարածքներու մէջ մշակոյթի եւ աւանդոյթներու պահպանումը։ Այս հայու իրական տեսակի վառ օրինակն է, որ չ’ընկճուիր եւ անգամ դժուարին պայմաններու մէջ կը պահպանէ հայկական ոգին։