Արցախի բռնազաւթուած տարածքներէն տեղահանուած անձեր երկար ժամանակէ ի վեր կը դիմեն ՀՀ կառավարութեան ու ՄԱԿ-ին՝ պահանջելով իրենց փախստականի կարգավիճակ տալ, որպէսզի իրենց բնակավայրեր վերադառնալու համար համապատասխան կարգավիճակ ունենան։ ՄԱԿ-էն անոնց պատասխանած են, որ այդ հարցի լուծումը ՀՀ կառավարութեան տիրոյթին մէջ է, յայտնած է «Յանուն Հադրութի» ՀԿ նախագահ Լեւոն Հայրեան՝ անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն։

Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 7-րդ կէտին համաձայն՝ «ներքին տեղահանուած անձեր եւ փախստականներ կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ»։ 

Անդրադառնալով այս հարցին, Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան վերջին նիստի ժամանակ ըսած էր․ «Կարելի է ստուգել, թէ Ատրպէյճան ինչ պայմաններ  ստեղծած է եւ ինչ քայլեր  ձեռնարկած է Հադրութի եւ ԼՂ այլ հայաբնակ տարածքներու հազարաւոր բնակիչներու անվտանգ վերադարձին համար։ Ատրպէյճանի կողմէ այս ուղղութեամբ ոչ մէկ քայլ  ձեռնարկուած է, բան մը, որ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտի կոպիտ խախտում է»։ 

Լեւոն Հայրեանի խօսքով, երաշխիքներ պէտք է տայ ոչ թէ Ալիեւ, այլ Նիկոլ Փաշինեան, որ ստորագրած է Նոյեմբերի 9-ի փաստաթուղթը։  

2022 թուականի սկիզբը, Արցախի Շուշի քաղաքէն տեղահանուած շարք մը քաղաքացիներ նոյնպէս դիմեցին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանին, իրենց խախտուած իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատառումներով։ Հաշուի առնելով  շարք մը կարեւոր հանգամանաքներ ու նաեւ այն, որ Շուշի եւս ճանաչուած է Արեւմտեան Հայաստանի մաս,  նախագահին կարգադրութեամբ տեղահանուածներուն համար կազմուեցան փաթեթներ, որոնք ներկայացուեցան ՄԻԵԴ։ Այժմ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ կը տարուին աշխատանքներ՝ անոնց իրաւունքներու լիարժէք պաշտպանութեան ուղղութեամբ։