Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանի եթերով Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի փոխտնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեան ներկայացուց Արեւմտեան Հայաստանի մէջ թրքական կառավարութեան կողմէ խաչքարերու հանդէպ ատելութեան դրսեւորումները: Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ տարածքներուն մէջ հայ ժողովուրդի ցեղասպանումէն ետք, հայերու  կողմէ ստեղծուած մշակույթային ժառանգութիւնը մնաց անպաշտպան՝ ենթարկուելով ցեղասպան պետութեան համակարգուած ոչնչացման ծրագիրին։ Անոր հետեւանքով Թուրքիա յաջողեցաւ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին խաչքարերը հեռացնել իրենց սկզբնական վայրերէն, սակայն չկրցաւ ամբողջութեամբ ոչնչացնել զանոնք, եւ դեռ հանարաւորութիւն կայ վերջին մնացորդները տեսնելու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին։ Դաշտային հետազօտութիւններու ընթացքին պարզուած է, որ խաչքարերը թրքական իշխանութեան համակարգմամբ կ’օգտագործուի որպէս շինանիւթ, իսկ այն հատուածներուն մէջ, ուր խաչքարերը չեն կրցած օգտագործել որպէս շինանիւթ՝ ոչնչացուած են։ Ամփոփելով խօսքը նշեց, որ ոչնչացման նոյն ճակատագիրին կ’արժանանան ժայռախաչերը, որոնք զոհ կը դառնան կա՛մ գանձախոյզներու, կամ ազգամոլներու։ Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ 1921 թուականէն ոչնչացուած են հազարաւոր հայկական գերեզմանատուներ՝ բազմաթիւ խաչքարերով հանդերձ, իսկ այդ մշակութային եղեռնը կը շարունակուի մինչեւ օրս։