
Անոնք, որոնք կը կարծեն, որ Հայերու Ցեղասպանութեան հարցը պէտք է փոխանցուի պատմաբաններուն, իրականութեան մէջ կը փորձեն իրենց քաղաքական պարտաւորութիւնները փոխանցել մէկ ուրիշին։
Որքան ալ որ կը հերքուի, բայց կայ ժողովուրդ մը, որ զոհ դարձած է եւ տակաւին անտեսուած է։ Թրքական կառավարութիւնը, վախնալով փոխհատուցում տալէ, կը հերքէ կոտորածը, դեռ չենք խօսիր Ցեղասպանութեան պնդումներուն մասին, զորս կ’որակէ որպէս տխուր իրադարձութիւն։
Փրոֆեսոր Եըլմազ Աքսուի յօդուածը Սղերթի մէջ հայերու թողած հետքերուն մասին ամբողջութեամբ առկայ է մեր կայքէջին։