Տերսիմի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Սէյիթ Ռըզայի ու անոր ընկերներուն յիշատակին՝ անոնց մահապատիժի 85-րդ տարելիցին։ Միջոցառման ներկայ  գտնուած են ալեւիական կառոյցներու, կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ժողովրդավար ուժերու ներկայացուցիչներ։

Քաղաքական գործիչ Մերալ Տանըշ Պեշթաշ,  յիշատակելով Սէյիթ Ռըզան, նշած է, որ ան այս հողերուն ցաւի ու տառապանքի մէկ մասնիկն է, եւ աւելցուցած. «Սէյիթ Ռըզային մեզի ձգած ամենամեծ ժառանգութիւններէն մէկը ծունկի չգալն է ու գլուխ չխոնարհելը»։

Տերսիմի ժողովրդական առաջնորդները 85 տարի առաջ մահապատիժի ենթարկելու գլխաւոր նպատակը Տերսիմի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելն էր,  որ աւելի դիւրին պիտի կիրառուէր առանց  առաջնորդի ու ղեկավարի մնացած ժողովուրդին դէմ։ 

1937-38 թուականներուն Տերսիմ ռմբակոծուեցաւ օդանաւերով, քարանձաւներուն մէջ քիմիական կազերով զանգուածային սպանութիւններ իրականացուեցան կիներու, երեխաներու, երիտասարդներու, ծերերու հանդէպ։  Ցեղասպանութենէն ետք իրենց հողերէն պոկուած մարդիկ ստիպուած արտագաղթեցին։

Նշենք, որ Սէյիթ Ռըզա ծնած է Տերսիմի գիւղերէն մէկը, հանդիսացած է ալեւի-զազա ցեղերէն մէկուն առաջնորդը, գլխաւորած թրքական պետութեան դէմ ապստամբութիւնները։ Թրքական մամուլի բազմաթիւ վկայութիւններ կան, որ ան հայ եղած է։ Անոր վրանէն խուզարկութեան ժամանակ յայտնաբերած են հայերէն գրութիւններով խաչեր ու հայերէն գիրք։