
ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնն ուրախ է Երեւանի մէջ հիւրընկալել ԱՄՆ Եւրոպական հրամանատարութեան ռազմավարութեան, ծրագրաւորման եւ քաղաքականութեան հարցերով տնօրէն գեներալ-մայոր Դանիէլ Լասիքան։ Այս լուրը կը յայտնեն ԱՄՆ դեսպանութենէն։
Նախատեսուող այցի ընթացքին գեներալ-մայոր Լասիքա ծաղկեպսակ պիտի տեղադրէ Անյայտ զինուորի գերեզմանին եւ Հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ, պիտի հանդիպի ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանին, Գլխաւոր շտաբի պետ Էտուարտ Ասրեանին եւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին՝ քննարկելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերը։ Գեներալ-մայոր Լասիքա պիտի մասնակցի խաղաղապահ ուժերու «Զառ» ուսումնական կեդրոնի նոր զօրանոցներու, ճաշարանի եւ գիտաժողովներու սրահի բացման արարողութեան, կը տեղեկացնեն ԱՄՆ դեսպանատունէն։