
ՄԱԿ-ի գլխաւոր համախմբումը 77-րդ նստաշրջանին մարդու իրաւունքներուն վերաբերող հարցերու ծիրին մէջ քննարկած եւ 2022թ․ Նոյեմբերի 1-ին փաստաթուղթ ընդունած է անհետ կորսուած անձերու իրաւունքներուն վերաբերեալ։ Փաստաթուղթը կ’անդրադառնայ եւ կը կարեւորէ այնպիսի հարցեր, որոնց մասին մշտապէս բարձրաձայնած է Հելսինկեան Քաղաքացիական համախմբման Վանաձորի գրասենեակը՝ անհետ կորսուած անձերուն եւ անոնց ընտանիքներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան բնաբանին ներքոյ, այդ թուին՝ «Անհետ կորսուած անձերու մասին» օրէնքի նախագիծի հիմնաւորումներուն մէջ։ Անոնք այնպիսի մեխանիզմներ են, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան անհետ կորսուած անձերուն ստանալ իրաւական կարգավիճակ, իսկ անոնց ընտանիքի անդամներուն՝ ստանալ ընկերական երաշխիքներ, լուծել իրենց առողջապահական, կրթական խնդիրները, իրացնել տեղեկութիւններ ստանալու իրենց իրաւունքը։