«Ամերիկայի ձայնը» ռատիոկայանը կը յայտնէ․ 

«Շուրջ կէս դար շարունակ Ամերիկայի հայկական համագումարը անգնահատելի օղակ  հանդիսացած է Ամերիկայի եւ Հայաստանի միջեւ կապերն ամրապնդելու համար, յայտարարած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսի՝ իր պատուին Ամերիկայի հայկական համագումարին կազմակերպած միջոցառման ժամանակ:

Միջոցառման ընթացքին խօսնակ Փելոսիին յանձնուած է համագումարի Մորկենթաուի անուան պարգեւը»:

«Այս պարգեւը ցուցադրման պիտի դրուի Քոնկրէսին մէջ որպէս մեր ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ մեր երկրին մէջ համագումարի առաջնորդութեան կարեւոր խորհրդանիշ: Ինչպէս գիտէք, ես պատիւ ունեցած եմ վերջերս այցելել Հայաստան՝ որպէս Ներկայացուցիչներու պալատի առաջին խօսնակ, որ ժամանած է այստեղ»,- յայտարարած է Փելոսի:

Խօսելով իր գլխաւորած պատուիրակութեան Հայաստան կատարած այցին մասին, խօսնակը յիշատակած է նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգութեան ոլորտի մարտահրաւէրները: