Թունիսի մէջ Ֆրանկոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրին մէջ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Twitter-ի իր էջին գրած է, որ Գանատա եւ Հայաստան պիտի շարունակեն ընդլայնել իրենց գործընկերութիւնը:

«Մենք հաւատարիմ ենք ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մեր տնտեսութիւններու զարգացման եւ Կովկասի մէջ խաղաղութեան ու անվտանգութեան խթանման: Այս է, որ քննարկած եմ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Եւ մենք պիտի շարունակենք ընդլայնել մեր երկիրներուն միջեւ առկայ գործընկերութիւնը»,- գրած է ան։

Արեւմտեան Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Գանատայի  վարչապետ Ճասթին Թրիւտոյի ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան յաղթահարման եւ խնդիրներու լուծման հարցին մէջ։