
Նախորդ շաբաթ Համպուրկի մէջ կայացած «Զապէլ Եսայեանի օրերը» մշակութային միջոցառման առթիւ Մարդու իրաւունքերի պաշտպան, լրագրող եւ հրատարակիչ Ռաքըպ Զարաքօլու շնորհաւորած է միջոցառման կազմակերպիչները։ Այս առիթով մտաւորականը ծաւալուն յօդուածով ներկայացուցած է Զապէլ Եսայեանի կեանքի մանրամասները, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ․
«1915 թուականի Ապրիլի 24-ին, հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան սկիզբը, Զապէլ Եսաեան ոչ միայն փրկեց ինքզինք եւ հայ մտաւորականները զանգուածային ձերբակալութենէ, այլ նաեւ բազմաթիւ մարդոց օգնեց փախչիլ Պուլկարիա։ Ան ոչ միայն հայ լուսաւորութեան, այսպես կոչված ժողովրդավարութեան գործընթացի մէկ մասնիկն էր, որ յանգեցուց երիտթուրքական սահմանադրական յեղափոխութեան 1908թ.։
Զապէլ Եսաեան առաջին հայուհին էր, որ աւարտեց Փարիզի Սորպոն համալսարանը։ Ինքզինք չհամարելով իգական սեռի իրաւունքներու ջատագով, ան դարձաւ հայկական ֆեմինիզմի առաջաւորներէն մէկը։
Թէեւ ան յաջողեցաւ խուսափիլ Թալաթ փաշայի արտաքսման պատժամիջոցէն, սակայն 1943-ին՝ Հայաստանի բազմաթիւ մտաւորականներու, այդ թուին՝ մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի հետ միասին ան դարձաւ մէկ այլ կոտորածի՝ ստալինեան բռնաճնշումներու զոհը»։