Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի՝ Խաղաղութեան ուղղուած գործողութիւններու գիծով տեղակալ Ժան-Փիեռ Լաքրուան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն Հայաստանի ցուցաբերած վճռական աջակցութեան եւ ՄԱԿ-ի դրօշին ներքոյ տեղակայուած ռազմական եւ ոստիկանական անձնակազմի ծառայութեան ու անձնազոհութեան համար։ 

ՄԱԿ-ի անդամ 193 պետութիւններէն Հայաստան ներկայիս 79-րդն է ՄԱԿ-ի խաղաղութեան ուղղուած գործողութիւններուն ամէնէն մեծ թիւով ռազմական անձնակազմի տրամադրման առումով: 

«Հայ տղամարդիկ եւ կիներ ծառայած են ՄԱԿ-ի խաղաղապահ բազմաբնոյթ միջավայրերուն մէջ եւ ցուցաբերած արհեստավարժութեան ու նուիրուածութեան բարձր մակարդակ: Խորապէս երախտապարտ ենք տեւական խաղաղութեան եւ անվտանգութեան գործին մէջ անոնց ներդրման համար», – նշած է պարոն Լաքրուան։