Մոնթէ Չարլզի Մելքոնեան ծնած է 1957 թուականի Նոյեմբեր 25-ին Քալիֆորնիոյ Վիսէյլիա քաղաքին մէջ, Հայերու դէմ կատարուած Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ ԱՄՆ հանգրուանած հայ ընտանիքի մէջ։

20 տարեկանին ընդունուած է Քալիֆորնիոյ Բերկլիի համալսարան եւ աւարտած է կրկնակի տիտղոսով՝ ստանալով «Հնագիտութեան եւ Ասիական պատմութեան մասնագէտ»ի վկայականներ։ Համալսարանէն ներս ուսանելու ընթացքին հիմնած է «Հայ ուսանողական միութիւն»ը: 1978-ին ընդունուած է Օքսֆորդի համալսարան, սակայն չէ աւարտած, ու մեկնած է Լիբանան, քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ մասնակցելով (շուրջ 3 տարի) Պեյրութի հայկական թաղամասի պաշտպանական կռիւներուն: 1980-ի Մայիսէն` Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ՀԱՀԳԲ` ԱՍԱԼԱ) գլխաւոր ռազմական մարզիչ էր: 1985-ի Նոյեմբեր 27-ին Փարիզի մէջ ձերբակալուած է կեղծ անձնագիր ու պայթուցիկ նիւթեր ունենալու մեղադրանքով եւ բանտարկուած է մինչեւ 1989-ն: 1990-ի Հոկտեմբերէն զինուորագրուած է Արցախի պաշտպանութեան բանակին: 1992-ին եղած է Մարտունիի պաշտպանական շրջանի հրամանատար: Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին դարձաւ Արցախի ամենէն պաշտպանուած եւ ամենէն մարտունակ շրջանը։

Մոնթէ սպաննուեցաւ 1993 թուականի Յունիսի 12-ին Աղդամ շրջանի Մարզիլի գիւղի մատոյցներուն վրայ։