Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան 2022 թուականի Նոյեմբերի 11-13-ը Լոս Անճելըսի մէջ ելոյթ ունեցած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի Արցախի ժառանգութեան յանձնախումբի կազմակերպած միջազգային գիտաժողովին նուիրուած Արցախի մարդկային եւ մշակութային անվտանգութեան հեռանկարներուն։

Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է Արցախի բնիկ ժողովուրդի` հայ ժողովուրդի անբաժանելի մասի ինքնորոշման իրաւունքի հիմքերը: Ապացոյցներով հիմնաւորուած են հայատեացութեան ու թշանամանքի հովանաւորութեան ատրպէյճանական քաղաքականութեան շարունակականութիւնը։

Ա. Թաթոեան շեշտած է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ պետական մակարդակով հովանաւորուող տարիներու հայատեացութեան հետեւանքերը տեսանելի  եղած են 2016թ. ապրիլեան, 2020թ. 44-օրեայ, 2022թ. Սեպտեմբերի 13-14-ի ատրպէյճանական սանձազերծած պատերազմներու ժամանակ․ խաղաղ բնակիչներու եւ զինուորական ծառայողներու խոշտանգումներ, գլխատումներ, զինուորական ծառայողներու մարմիններու անարգանք, մասնատումներ ու անմարդկային վերաբերմունք գերիներուն նկատմամբ։

Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքն այլընտրանք չունի։ Այս է միակ եղանակը երաշխաւորելու համար արցախահայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը:

Արեւմտեան Հայաստանը կը յիշեցնէ, որ արցախահայութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար կայ անժամանցելի վճիռ եւ այն Սեւրի դաշնագիրն է: Պէտք է համախմբել ուժերը այդ նպատակին շուրջ եւ տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, այդ թուին՝ ՄԻԵԴ-ին առջեւ, ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանը քանի մը անգամ կատարած է։