Բրիտանացի նշանաւոր պատմաբան Իրուինկ Ֆինքըլ իր՝ «Տապանը մինչեւ Նոյը․ Միջագետքէն Արարատ․ սեպագիր պատմութիւններ ջրհեղեղին մասին» գիրքին մէջ ներկայացուցած է շարք մը ապացոյցներ առ այն, որ Նոյեան Տապանն իսկապէս հանգրուանած է Արարատ լերան վրայ:

Գիրքի հիմքին մէջ դրուած է «Տապանի աղիւսակներ» անունը ստացած եւ Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակով թուագրուող սեպագիր արձանագրութեան ուսումնասիրութիւնը: 

Գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ Տապանի կառուցման մանրամասնութիւնները եւ կը քննէ Արարատ լերան վրայ տապանի վերջնական հանգրուանման վերաբերող փաստերը: Այս գիրքին շնորհիւ Նոյի եւ  անոր տապանին պատմութիւնը կը դադրի պարզապէս առասպել ըլլալէ:

Հեղինակը նաեւ Բրիտանական թանգարանի Միջին Արեւելքի բաժնի սեպագրութեան հաւաքածուի պահապան-գիտնականներէն է:

Ան այն նշանաւոր գիտնականներէն է, որոնք բազմաթիւ հարցազրոյցներու ընթացքին անդրադարձած են Ուրարտական պատմութեան, ծագման ու տեղադրութեան՝ փաստելով, որ Ուրարտու անուանումը Արարատ եւ Արմենիա անուանումներու հնագոյն տարբերակն է: