Տերսիմի համայնքներու եւրոպական դաշնութեան կողմէ 2009 թուականին սկսած «Տերսիմի ցեղասպանութեան բանաւոր  նկարագրութիւնը» աշխատութեան փաստաթուղթերը Նոյեմբերի 17-ին Պերլինի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ յանձնուեցան Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Shoah հիմնադրամին (USC Shoah), որ կը զբաղի ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ վկայութիւններու եւ փաստաթուղթերու արխիւացմամբ։

Լրագրող Թաներ Ատայի խօսքով, բանաւոր պատմութիւններու ուսումնասիրութիւնը նախաձեռնուած է Տերսիմի  համայնքներու եւրոպական դաշնութեան եւ Քլարքի համալսարանին հետ համատեղ, որուն արդիւնքով 1937-38թթ. Ցեղասպանութիւնը վերապրած ականատեսներու հետ 360 հարցազրոյց կատարուած է՝ ութ տարբեր երկիրներու մէջ:  Միութեան համանախագահ Քեմալ Քարապուլութ իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ Տերսիմի ցեղասպանութիւնը վերապրածներու երեխաները տարիներ շարունակ մեծցած են կործանարար լռութեան մէջ։

Shoah հիմնադրամի փոխտնօրէն դոկտ. Քորի Սթրիթ նշեց․ «Այս տպաւորիչ վկայութիւնները պիտի պահպանուին, պիտի թուայնացուին, պիտի ցուցակագրուին, որպէսզի հասանելի դառնան ամբողջ աշխարհի մէջ»: