
ՀՀ-ի մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցած է Իրաւունքի եւ արդարութեան «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեանի եւ մշտական ներկայացուցիչ Սերկէյ Ղազարեանի հանդիպումը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են արցախեան հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր, ընդգծուած է արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի անբեկանելիութիւնը:
Արման Թաթոյեան շեշտած է, որ ինչպէս կ’ապացուցեն փաստերը, թէ´ Հայաստանի, թէ´ Արցախի մէջ քաղաքացիական բնակավայրերու հարեւանութեամբ ատրպէյճանական զինուած տեղակայումներու հետեւանքով խաթարուած է մարդոց բնականոն կեանքը, լուրջ վտանգի տակ են մարդոց կեանքն ու անվտանգութիւնը: Մարդիկ չեն կրնար վաստակիլ ընտանիքի եկամուտը, կանգնած են ընկերական-տնտեսական լուրջ խնդիրներու առջեւ: Այս խնդիրին լուծումը կենսական կարեւորութեան հարց է, որ անհրաժեշտ է մարդոց բնականոն ու անվտանգ կեանքը երաշխաւորելու համար:
Կողմերը պայմանաւորուած են խորացնել համագործակցութիւնը, առաւել արդիւնաւէտ դարձնել տարբեր հարցերու մէջ համատեղ ջանքերը` Ատրպէյճանի իրական մտադրութիւնները վեր հանելու նպատակով, այդ թուին` ապացոյցներու միջոցով․ ատրպէյճանական անօրինական արարքներն Արցախի մէջ պէտք է աշխոյժ կերպով ներկայացուին միջազգային հարթակներու վրայ։