Հակառակորդը Մարտունի եւ Մարտակերտ շրջաններուն մէջ թիրախաւորած է գիւղանտնտեսական աշխատանքներ կատարող անձեր` կրակոցներու միջոցով թոյլ չտալով շարունակել աշխատանքը, կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը։

«Թաղավարդ վարչական տարածքին մէջ հակառակորդը հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն կրակոցներ արձակած է «Պելառուս» տրակտորով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող անձերու ուղղութեամբ։ Կրակոցներու հետեւանքով դադրեցուած են գիւղատնտեսական աշխատանքները»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Բացի անկէ, առաւոտուն հրադադարի պահմանման խախտում արձանագրուած է նաեւ Մարտակերտ շրջանի Ճանկաթաղ համայնքին ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները կրկին թիրախաւորած են խաղաղ բնակչութիւնը՝ խոչընդոտելով իրականացուող գիւղատնտեսական աշխատանքները:

Արեւմտեան Հայաստանը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս դէպքին վրայ։