Պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած քաղաքացիներուն համար Արցախի Հանրապետութեան տարբեր բնակավայրերու մէջ նոր բնակելի թաղամասերու կառուցապատումը կը շարունակէ մնալ որպէս առաջնային ծրագիր, նշած է  Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը:

Ասկերան շրջանի Խաչմաչ համայնքին մէջ մեկնարկած են նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքերը։ Թաղամասը բաղկացած պիտի ըլլայ 2-էն 5 սենեակնոց 32 բնակելի տունէ։ Այս պահուն տակաւին մեկնարկած է 15 առանձնատան շինարարութիւնը։

Նշուած 15 բնակելի տան շինարարական աշխատանքներու կապալառուն «Ռոպ-շին» ՍՊ ընկերութիւնն է։ Նիւթական օժանդակութիւնը կը կատարուի պետական պիւտճէի միջոցներով։