Հայաստանը ախոյեան ունի Սպանիյո մէջ ընթացող բռնցքամարտի երիտասարդներու աշխարհի առաջնութեան: Փայլուն յաջողութիւն գրանցած 60քկ քաշային, Եւրոպայի գործող ախոյեան Էրիկ Իսրայէլեան՝ իր տիտղոսներուն աւելցնելով նաեւ աշխարհի առաջնութեան ոսկէ մետալը: Եզրափակիչ հանգրուանին մեր մարզիկը մրցած է Վրաստանը ներկայացնող Կոչա Կուրտալաւային հետ եւ վստահ յաղթանակ տարած: Առաջին մրցաշրջանին Իսրայէլեան յաղթած է 5:0 արդիւնքով: 2-րդ մրցաշրջանին Իսրայէլեան յաղթած է 3:2 արդիւնքով, իսկ 3-րդ մրցաշրջանին 2 անգամ նոքտաունի ենթարկած է վրացի բռնցքամարտիկը եւ նուաճած ոսկէ մետալ։